2013-06-25 11:52:38

Մերքելի Կուսակցութիւնը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Ընդդիմութիւնը Կը Ներառէ Իր Նախընտրական Ծրագիրին Մէջ


«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի պահպանողական պլոքը սեպտեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին իր նախընտրական ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր ընդդիմութիւնը կը շեշտէ` յայտնելով, որ Թուրքիա անդամակցութեան պայմանները չ՛ամբողջացներ:
Կիրակի օր որդեգրուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ Անգարայի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան մէջ «ռազմավարական սերտ համագործակցութիւն» հաստատելու: «Սակայն, մենք կը մերժենք Թուրքիոյ լիարժէք անդամակցութիւնը, որովհետեւ (այդ երկիրը) Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պայմանները չ՛ամբողջացներ», կ՛ըսուի ծրագիրին մէջ` աւելցնելով, որ «երկրին չափին եւ տնտեսական կառոյցին պատճառով Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կրնայ ծանրաբեռնուիլ»:
Մերքել նախապէս Անգարայի հետ «առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան» մասին խօսած է, սակայն ընտրական ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ վերաբերող կարճ բաժինը այդ մասին ակնարկութիւն չի կատարեր: «Իմացանք, որ Թուրքիա ատիկա չ՛ուզեր, ուստի մեր նպատակները այլ ձեւով ներկայացուցինք», ըսաւ Մերքել լրագրողներուն:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիա ուրբաթ օր Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց` թուրք երեսփոխանի մը այն յայտարարութենէն ետք, թէ Մերքել Անգարան կը քննադատէ ներգերմանական քաղաքական շահ ապահովելու համար: Թուրքիա իր կարգին Գերմանիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.